10/08/2026
Ալեւոր սրտիս
Հրապարակին մէջ որ ձեռք ձեռքի բռնած,
Իրար ժպտալով, կենսախինդ, ուրախ.
Ուր աշտարակի զանգի ղօղանջը զուարթ,
Աէր ու երջանկութիւն կը ցողուէր անսպառ…
Կեանքը ուրախ էր ու անթախիծ,
Մարդիկ բարի էին ու սէր կը բաշխէին…
Աղաւնիները սալահատակին սիրազեղ
Անհոգ ու անփոյթ սիրերգ կ՝ երգէին ….
Կատուն քնքշադունչ անկիւնը կծկած
Մլաւելով մեղմիկ սնունդ կը հայցէր
Եւ մանկիկը անմեղ հազիւ քալելով
Կ՝ուզէր գրկել զայն ու փաղաքշել…
Կեանքը անցաւ էր ու եթերային,
Չարութիւն չկար մարդոց աչքերրուն,
Ժպիտ կը բաշխէին անհուն ու անթիւ
Եւ մենք ուրախ էինք անխօս բերկրանքով։
Մանուկ դարձած էիր աղաւնի հալածող
Ժպիտ ու խինդի շատրուան դարձած
Չէիր ուզեր հեռանալ հրապարակէն այդ
Ուր պահը ցնծալի էր ու երանելի…
Կրկին հրապարակի մէջ եմ, սակայն միայնակ
Ալ ծիծաղ բաշխող գեղուհի կողքս չկայ…
Ոչ ներքին խինդ ունիմ եւ ոչ ալ ժպիտ
Տխրութիւնը պատած է ալեւոր սրտիս…
Կեանքի ընթացքը ակնթարթ է պատրանալի
Ամէն ինչ ժամանակաւոր, անցաւոր է եւ սին.
Անցեալը յուշերու ուլունքաշար է
Եւ մեր կեանքը հաշուած տրցակ թիւերու…
Ես քեզ սիրեցի անխօս, անաղմուկ
Որ խօսքը չաղմկէ զգացումս ջինջ,
Որ մեր յոյզերը գաղտնի թող մնան
Ու սէրը անապական անվերջ յուշ դառնայ…
Բժիշկ Յակոբ Այնթապլեան
Օգոստոս 1, 2026