05/08/2026
Այսօր՝ չորեքշաբթի, 5 Օգոստոսին, խնամատարներու պատրաստման երկրորդ խումբի տիկինները ունեցան իրենց եօթներորդ դասապահը հաստատութեանս physiotherapist Ճորճ Յակոբեանի հետ։
Յակոբեան մասնակիցներուն ներկայացուց խնամատարութեան ընթացքին յաճախ հանդիպող ֆիզիքական դժուարութիւնները, անոնց կանխարգիլման եւ յաղթահարման եղանակները, ինչպէս նաեւ գործնական խորհուրդներ՝ հիւանդներու ապահով տեղաշարժի, դիրքաւորման եւ առօրեայ խնամքին վերաբերեալ։